Պահ մը անդրադառնանք սփիւռքահայութեան տարած պայքարին եւ անոր սպառնացող վտանգներուն, իսկ աւելի ճշգրիտ սփիւռքահայութեան սիրտի՝ Լիբանանահայ համայնքի դիմագրաուած դժուարութիւններուն։ Ինչպիսի՞ մարտահրաւէրներ կանգնած են անոր առջեւ. արդեօ՞ք ձուլումի վտանգ, երկրի քաղաքական-տնտեսական ճգնաժամի բացասական ազդեցութիւն, թէ այլ։
Լիբանանահայութիւնը աւանդաբար ճանչցուած է իբրեւ սփիւռքահայութեան սիրտը, եւ այդ մէկը պատահական կոչում մը չէ։ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան, Հայոց Ցեղասպանութենէն ազատած շատ մը հայորդիներ հաստատուեցան Լիբանան, եւ անոնց կազմակերպական հիմնական կառոյցները հանդիսացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ երեք հայ աւանդական կուսակցութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրադական Հնչակեան Կուսակցութիւնը, եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։
Իսկ ի՞նչ էր այս կազմկերպութիւններու դերը։
Առաջին հերթին, Կաթողիկոսութիւնը հիմնելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքի միակ դպրեվանքը հանդիսացաւ սփիւռքահայ իրականութեան հաւատքի կեդրոնը։ Ինչպէս նաեւ շրջանի Առաջնորդարանի հետ համագործակցութեամբ հիմնուեցան բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ դպրոցներ։
Իսկ կուսակցութիւնները, մանաւանդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, վայելելով Լիբանանահյութեան մեծամասնութեան համակրանքը, կարողացան հիմնել զանազան տեսակի միութիւններ։ Հիմնուեցան պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ համախմբելու եւ հայրենաշունջ դաստիարակութիւն փոխանձելու համար ապագայ սերունդներուն։ Հիմնուեցան մշակութային եւ մարմնամարզային միութիւններ։ Կազմուեցան հայրենակցական, բարեգործական եւ բժշկական հաստատութիւններ, որոնք նպատակդրեցին նեցուկ կանգնիլ իւրաքանչիւր հայու։
Մէկ խօսքով, առաջին նշուած վտանգը՝ ձուլումը, կարելիութիւն անգամ չունի իրականութիւն դառնալու։
Ապա երկրորդ դիմագրաուած դժուարութիւ՞նը՝ քաղաքական-տնտեսական տագնապը։ Այս մէկը արդէն լուրջ խնդիր է։ Բազմաթիւ հայորդիներ երկրի դժուար պայմաններու բերումով կը կրեն բազմաթիւ ժխտական հետեւանքներ։
Լիբանանահայութեան համար տարիներու ընթացքին արդէն պարզ դարձած է տագնապալի իրավիճակի մէջ ապրիլը։ Անոնց համար ուրախութեան պատճառներ են օրուան ընթացքին քանի մը ժամով ելեկտրականութեան կամ ջուրի տրամադրումը։ Սակայն, ներկայ պայմանները ալ աւելի ահաւոր են. այդ բոլոր դիմագրաուած դժուարութիւնները բազմապատկուած են։ Նիւթականի առումով, Լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը շատերու համար կեանքը դարձուցած է անտանելի։ Բայց խնդիրը միայն նիւթական չէ. ընտանիքի մը համար նուազագոյն պէտքերը ապահովելը, ինչպէս սնունդ, դեղորայք կամ փոոխադրամիջոցի վարելանիւթ, դարձած են ճոխ կեանքի յատկանիշներ։ Այսպիսով Լիբանանահայերը չեն կարողանար ապահովել իրենց ընտանիքին բարեկեցիկ կեանք մը։ Իսկ իբրեւ լուծում, անոնք իրենց ուղահայացը կը դարձնեն արտերկիր, սակայն, ո՛չ միշտ Հայաստան, որ նաեւ կը գտնուի քաղաքական-ապահովական տագնապի մէջ։ Աւելին, չի լրացներ սփիւռքահայութեան սպասած ակնկալիքները, որոնց շարքին են՝ աշխարհափիւռ հայութեան համար ապահով ապաստանի մը տրամադրումը, անոնց կարիքները հոգալը, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան ռահվիրան հանդիսանալը։
Առ այդ, սփիւռքահայութիւնը այսօր չունի պետութիւն մը կանգնած իր կողքին, սակայն ունի բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք պատրաստ են համախմբելու, կազմակերպելու եւ հոգալու ժողովուրդը։
Լիբանանահայութեան պարագային նոյնպէս, Կաթողիկոսութիւնը եւ կուսակցութիւնները իրենց կարելին կը կատարեն հոգալու համար համայնքի բոլոր պէտքերը, սակայն երկիրը հասած է այնպիսի վատ վիճակի մը, որ այլեւս անոնց օգնութեան միջոցները բաւարար չեն։ Բայց այս նիւթը ձգենք այստեղ…
Իսկ ի՞նչ է նշուած այլ մարտահրաւէրը։ Թշնամի ցեղի ներկայաթիւնը Լիբանանի մէջ։ Այսի՞նքն։
Գոյութիւն ունին թրքական ցեղերու պատկանող Լիբանանի քաղաքացիներ։ Ի՞սկ ով են անոնք, ինչպէ՞ս յայտնուած են այդտեղ, ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՚ապրին, ինչպիսի՞ կապեր ունին «Մայր» Թուրքիոյ հետ, եւ արդեօ՞ք սպառնալիք են տեղւոյն հայ համայնքին։
Պատմական Ակնարկ
Նախ պատմական ակնարկ մը կատարենք։
Փոքրաթիւ քանակով թուրքեր ապրած են Լիբանանի մէջ միջնադարեան ժամանակաշրջանի թրքական արշաւանքներու ընթացքին, սակայն այսօրուան կազմող «համայնք»-ի հիմքը՝ օսմանցի թուրքերն են։
Կ՚ենդաթրուի որ անոնք առաջին անգամ մնայուն բնակութիւն հաստատած են 1516 թուականին, Սուլթան Սէլիմ Ա.-ի օրով։ Հաստատւողներու մեծամասնութիւնը կազմուած էր վաճառականներէ, որովհետեւ Լիբանանը կը գտնուէր Հիժազ առեւտրական ճանապարհի վրայ։ Ասոնց կողքին կային նաեւ նաեւ գաղթականներ, որոնք փոխադրուած էին, իրենց ապրելավայրի դժուար պայմաններու պատճառով։
Այս իրականութիւնը կը կազմէ այսօրուան թրքական «համայնք»-ի հիմքը, Լիբանանի հիւսիսային Աքքարի շրջանին մէջ։ Կան նաեւ փոքրաթիւ քանակի թուրքեր այլ շրջաններու մէջ, որոնք սակայն ունին տարբեր գաղթի պատմութիւններ։ Թրքական բնակչութիւն կայ արեւելեան Պէքաայի մէջ, որոնք գաղթած են Սուրիոյ Հօմս շրջանէն մօտաւոր 300 տարի առաջ։ Կարեւորագոյններէն է Պէյրութը, որուն թուրք ժողովուրդի մեծամասնութիւնը փոխադրուած է Մարտինի շրջանէն, ապրուստի լաւ պայմաններ փնտռելով, ինչպէս նաեւ ազատուելու համար պարտադիր զինուորական ծառայութենէն Համաշխարային Երկրորդ պատերազմի ժամանակ։ Կան նաեւ Թրիփոլիի շրջանի թուրքերը, որոնք տեղափոխուած են Օսմանեան Կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանին, արեւմտեան տարածաշրջաններու, մասնաւորապէս, 1897-ի յունական Գրէդէ կղզիի կորուստի պատճառով։
Այսօրուան տուեալներով, հակառակ ճշգրիտ մարդահամարի բացակայութեան, կ՚ենդաթրուի որ անոնց քանակը 50-60,000 է, մեծամասնութիւնը գտնուելով Լիբանանի հիւսիսային Աքքարի շրջանին մէջ։
Թրքապահպանում
Հակառակ այն փաստին, որ անոնք իրենց հաստատութիւնը սկսած են ամրապնդել 500 տարի առաջ, կարողացած են պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ սովորութիւնները։
Անատօլու գործակալութեան լրագրողներ այցելելով Աքքարի հիմնական թրքական գիւղերէն մէկը կատարած են հարցազրոյցներ տեղւոյն բանկիչներու հետ։ Բնակիչ մը յայտնած է, թէ անոնք պահած են իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ սովորութիւնները։ Սակայն ան մտահոգութիւն յայտնած է, թէ հակառակ սովորութիւններու պահպանման, լեզուն խնդրահարոյց է։ Յիշելով իր մանկութեան շրջանը, յայտնած է թէ անցեալին գիւղի բոլոր բնակիչները թրքերէն կը խօսէին, սակայն այսօրուան դրութեամբ այդ մոռացութեան կ՚ենդարկուի, տեղացի արաբ ժողովուրդի հետ շաղուելու եւ Լիբանանի դպրոցական համակարգի պատճառով։ Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Լիբանանի մէջ թրքական մշակոյթի կեդրոնի կատարած դասընթացներուն համար, բայց եւ այնպէս, նկատել տուած է, որ այդ մէկը բաւարար չէ (El-Din et al, 2022)։
Թրքական Պետականութեան Ներթափանցում
Անշուշտ, որ այս թրքական ցեղերու ժողովուրդի կեանքէն հեռու պիտի չմնար «Մայր» Թուրքիան։ Ան պիտի օգտագործէր այս ոսկէ առիթը, փորձելով Լիբանանը դարձնել եւս մէկ դատերաբեմ մը, ի շահ Միջին Արեւելքի մէջ իր վայելած ազդեցութեան։
Այս մոռացուած «համայնք»-ը դարձակէտ մը ապրեցաւ 2009-2010 թուականներուն, երբ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Տաւուդողլու եւ նախկին վարչապետ, այժմ նախագահ՝ Էրտողան յաջորդաբար այցելեցին հիւսիսային Լիբանանի թրքական գիւղերը, խօստանալով տրամադրել մարդասիրական օժանդակութիւններ (Jabbour, 2021, p. 7)։ Խօստում մը, որ լայն արձագանք տուաւ։ Այս էր Թուրքիոյ առաջին քայլը օգտագործելու տեղի բնիկ թրքական ցեղերը ի շահ արտաքին ազդեցութեան։

Ցուցարարները կը պատռեն Էրտողանի ելոյթ ունենալու վայրը գտնուող պաստառը
Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, հակառակ համարուելով երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը Պէյրութէն ետք, ինչպէս նաեւ Աքքարի շրջանը, ուր կը գտնուին թրքական գիւղերը, կը կազմեն Լիբանանի ամենէն աղքատ եւ անբարգաւաճ շրջանները։ Այս պատճառով ալ, Թուրքիոյ առաջին քայլը կ՚՚ըլլայ մարդասիրական օժանդակութիւններու ձեւաւորման տեսքով։
Եւ մինչեւ 2020 թուականը, միայն պետական մակարդակի վրայ կը յատկացնէ աւելի քան 30 միլիոն ամերիկեան տոլար (Jabbour, 2021, p. 9)։ Ասոր հանդերձ, իրենց կարեւոր դերը կ՚ունենան նաեւ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ տրամադրելով տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ, ըլլայ այդ նիւթական, թէ մարդուժի տեսքով։
Այսպիսով, շրջանի հիւանդանոցներու կահաւորումը կ՚ապահովուի, բարելաւելով բժշկական մակարդակը։ Իսկ տնտեսական առումով, փոքր հաստատութիւններ կը ստանան տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ իրենց աշխատանքը բարելաւելու համար, ինչպէս նաեւ Թրքական միջազգային ընկերութիւններ կը սկսին ուսումնասիրել տարածաշրջանը իրենց ապագայ մասնաճիւղերու համար, աշխատանք եւ ապրուստ տրամադրելով տեղի թուրք ժողովուրդին։ Այս բոլորէն չբացակայիր կրթութիւնը։ Կը հիմնադրուին քանի մը մշակութային կեդրոններ, շրջանի բնակչութեան թրքերէն լեզու սորվեցնելու նպատակով։ Ինչպէս նաեւ կրթաթոշակներ կը տրամադրուին բազմաթիւ ուսանողներու։
Կարեւորագոյն դեր կ՚ունենայ 2010 թուականին Թուրքիոյ ընդունած քաղաքացիութեան օրէնքը, որուն միջոցաւ բազմաթիւ թուրքեր կը սկսին ստանալ թրքական քաղաքացիութիւն, ալ աւելի ամրապնդուելով թրքական ազդեցութիւնը, այս անքամ ուղակիօրէն քաղաքացիներ ունենալով այլ երկրի մը մէջ։ Բայց կարեւոր է նշել, որ այս քայլը միայն արտաքին նպատակ չհետապնդեց։ 2018-ի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ 96% տոկոսը այս ժողովուրդին քուէարկեց ներկայ նախագահ Էրտողանին (Jabbour, 2021, p. 12)։ Հարկաւոր է նշել, որ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը տակաւին կը շարունակէ քաղաքացիութեան տրամադրումի աշխատանքները։ Այսօր Լիբանանի մէջ ապրող թրքական քաղաքացիութիւն ունեցողներու թիւը շատ աւելի մեծ է, ի հետեւանք Չաւուշօղլուի կատարած յայտարարութեան, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, խօստանալով արագացնել քաղաքացիութեան տրամադրումը (Ahval News, 2020), ինչ որ քուէարկութեան ժամանակ նպաստաւոր է ներկայ իշխանութեան համար։
Քաղաքական Ձգտումներ
Անցնելով ներքին քաղաքական կեանքին, տրուած ըլլալով, որ Լիբանանը համայնքային երկիր է, որեւէ փոքրամասնութեան վրայ բանեցուած ճնշում գոյութիւն չունի, այդ կարգին նաեւ թրքական «համայնք»-ին վրայ։ Սակայն, համայնքային դրութեան մէջ, հարկաւոր է պետական ճանաչում այդ խմբաւորման նկատմամբ, ինչ որ առկայ չէ թրքական ցեղերու առումով, հետեւաբար, պաշտօնապէս կարելի չէ անոնց անուանել իբրեւ «համայնք»։ Իսկ ինչպիսի՞ կարեւորութիւն ունի այս ճանաչումը։
Համայնքային դրութիւնը, իրաւունք կու տայ իւրաքանչիւր խմբաւորման, ստեղծելու ներքին համակարգ եւ օրէնքներ։ Այդ շարքին նաեւ կը ստանայ կրօնական, կրթական, հասարակական գործունէութեան ազատութիւններ, ինչպէս նաեւ քաղաքական գետնի վրայ՝ ներկայութիւն եւ ազդեցութիւն։
Սակայն թրքական «համայնք»-ը, չվայելելով այս նախապատուութիւնը, չունի սեփական թրքական մզկիթներ եւ դպրոցներ, իսկ աւելին չունի քաղաքական ազդեցիկ ներկայութիւն։ Ան մաս կը կազմէ սիւննի համայնքին եւ անոնց քաղաքացիական իրաւունքները կը տրամադրուին այդ բնագիրի տակ։
Քաղաքական առումով անոնք չունին որեւէ բարձր պետական պաշտօնեայ։ Բարձրագոյնը կարելի է համարել Քաուաշրայի գիւղապետը, որուն բնակիչները ամբողջութեամբ թուրք են, իսկ այլ շրջաններ հակառակ թրքական մեծամասնութեան, գիւղապետները ոչ միայն սիւննի չեն, այլ ուրիշ համայնքի պատկանող անձեր են, ինչպէս Աայտամուն, որ հակառակ թուրք մեծամասնութեան ունի Քրիստոնեայ գիւղապետ։
Բայց եւ այնպէս, այս մէկը չի նշանակեր թէ անոնք ճնշուած են։ Բնաւ, անոնք իրաւունք ունին մաս կազմելու տարբեր կուսակցութիւններու եւ գրաւելու նաեւ խորհրդարանական աթոռներ ներկայացնելով սիւննի համայնքը։
Իսկ գալով անոնց ընկալման այս իրողութեան, յաճախ դժգոհութիւններ կ՚արտայայտեն մատնանշելով հայ համայնքի վայելած դիրքին եւ արաւելութիւններուն, ով ըլլալով պետականօրէն ճանաչուած համայնք, տարիներու ընթացքին հիմնած է եկեղեցիներ, դպրոցներ, համալսարան, տարբեր տեսակի հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ բացակայ չէ մնացած Լիբանանի քաղաքական կեանքէն, մասնակցելով անոր պետականութեան ձեւաւորման աշխատանքներուն բարձրագոյն մակարդակի վրայ։
Հակահայ Պայքար
Վստահաբար, երբ խօսքը ինչ որ թրքական բազմութեան մը մասին է, կարելի չէ չանդրադառնալ հայութեան։ Աւելի ճիշդը, ցեղասպանութեան հարցի եւ անոնց վարած հակահայ պայքարին։
Ինչպէս արդէն նշուած էր, հայ համայնքը Լիբանանի մէջ ճանաչուած ըլլալով, կը վայելէ բոլոր տրամադրելի իրաւունքները ցանկացած պետութեան մը մէջ։ Իսկ Հայ համայնքը այս շնորհուած իրաւունքը բաց չձգելով, տասնեակ տարիներու ընթացքին աշխատած է եւ ստացած է ազդեցիկ դերակատարութիւն Լիբանանի մէջ, ըլլայ այդ հասարակական, կրթական, կրօնական թէ քաղաքական ծիրէ ներս։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել թրքական չճանաչուած «համայնք»-ին մասին, որոնց գոյութեան մասին նոյնիսկ շատերը տեղեակ չեն։
Անոնց կազմակերպումը սկսաւ ընթացք առնել, երբ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ ներկայ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելեց անոնց գիւղերը թափ տալով վերակենդանացման նոր փուլի մը։ Իբրեւ հետեւանք, բազմաթիւ տեսակի արաւելութիւններ սկսան յատկացուիլ Թրքական պետութեան կողմէ, եւ անշուշտ որ այս շունչէն ետք, անոնք բացակայ պիտի չմնային իրենց դերակատարութիւնը ունենալու Թրքական դարաւոր նպատակէն։
2015, այս թուականն էր երբ շատերը տակաւին նոր իմացան Լիբանանի քաղաքացիութեամբ թրքական ցեղերու գոյութեան մասին։ Այս մէկը պատահական չէր, այլ պատասխան հայ համայնքի տարած հակաթուրք պայքարին, իսկ աւելի ճիշդը, հայ համայնքի կատարած բազմաթիւ քայլրաշաւներուն, ցոյցերուն եւ ձեռնարկներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին։ Իբրեւ պատասխան, թրքական ցեղերը առաջին անգամ ըլլալով իրենց ձայները բարձրացուցին եւ թրքական արիւնալի դրօշը բարձրացնելով ցոյցեր կազմակերպեցին։ Անոնք հետեւելով թուրք իսլամական կրոնաւորներու յայտարարութիւններուն, ունէին հետեւեալ պահանջը. անոնք այլեւս պիտի չհանդուրժեն հայութեան տարած հակաթուրք պայքարը եւ իրենց նախահայրերուն նկարագիրի «պղծումը» (Tashjian, 2020)։
Թրքական պետութենէն քայլ մը յառաջ երթալով, անոնք ոչ թէ միայն չմերժեցին ցեղացպանութեան փաստը, այլ բացայայտօրէն կողմ արտայայտուեցան Իթթիհատականներու ծրագիրին՝ «Փանթուրանիզմ»-ին, որ կը նպատակադրէ ստեղծել «Մեծն Թուրանիա» մը թրքական ցեղերու համար, որ կ՚ընդարձակուի այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններէն մինչեւ հեռաւոր արեւելք։

Լիբանանահայութեան բացմահազարանոց քայլարշաւը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին
2015-ը սկիզբն էր միայն, այս դէպքերուն յաջորդեցին բազմաթիւ քարոզչութիւններ տարբեր տեսակի հարթակներու վրայ, որոնցմէ կարեւորագոյնը կարելի է նշել անոնց տարածած հակաքարոզչութիւնը սիւննի մզկիթներու մէջ։
Անոնք բացակայ չմնացին նաեւ քաղաքական կեանքէն։ Թուրքիոյ դեսպանատան աջակցութեամբ սկսան խորհրդարանի թուրք թեկնածուներ առաջադրել։ Սակայն մինչեւ օրս անոնք չեն յաջողած որեւէ բարձր դիրքի պետական պաշտօն մը գրաւել եւ հակաքարոզչութիւնը հասցնել պետական մակարդակի։ Հետաքրքրական էր նաեւ 2019-ի Լիբանանի լայնածաւալ ցոյցերու ժամանակ, սիւննի համայնքի շրջաններու մէջ տեսնելու թրքական դրօշը Լիբանանի դրօշի կողքին, որ բարեբախտաբար մերժուեցաւ նաեւ սիւննի համայնքի ժողովուրդին կողմէ եւ վար առնուեցան բոլորը։

Լիբանանի հակակառավարական ցուցարարներու բարձրացուցած թրքական դրօշի պատկեր
Վստահաբար անոնց ձայնը լռելեան պիտի չմնար նաեւ 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ետք։ Անոնք յանդգնութիւնը ունեցան Աքքարի շրջանի մէջ կանգնեցնելու «յաղթական» Ազրպէյճանի բանակի «նահատակներուն» նուիրուած յուշարձան մը, որ լայն արձագանք գտաւ Լիբանանի մէջ։ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Հայ Դատի գրասենեակը դատապարտեց արարքը, ինչպէս նաեւ քաղաքական գետնի վրայ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտարարեց թէ, «Կան շատեր որոնք արժանի են յարգանքի… սակայն ոճրագործները. անոնց տեղը ամօթի կախաղաններն են», ինչպէս նաեւ հանդիպումներ եւ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ պարզելու հանգմանգները։ Հստակացաւ, որ յուշակոթողի կանգնեցումը անօրէն պայմաններու մէջ տեղի ունեցած է եւ նոյնիսկ ներքին գործոց նախարարը տեղեակ չէ եղած (Ազդակ Օրաթերթ, 2022)։
Դատապարտման միացան նաեւ այլ խմբաւորումներ եւ կուսակցութիւններ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ համայնքին, սակայն դժբախտաբար յուշակոթողը քանդելը կարելի չէր, որովհետեւ այն կը գտնուէր թրքական ցեղերու շրջաններէն մէկուն մէջ:
Այժմ Ի՞նչ
Թուրքիան օրէ օր կ՚աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անընդհատ կը փորձէ իր ազդեցութիւնը տարածել երկրի մէջ։ Անոր լաւագոյն միջոցը՝ տակաւին համայնքի կարգավիճակ չստացած Լիբանանի քաղաքացիութեամբ թրքական ցեղերու պատկանող ժողովուրդը։ Հանդիսանալով Լիբանանի ամենէն աղքատ ժողովուրդի մէկ մասը, Թուրքիա, առանց որեւէ դժուարութեան հանդիպելու, գումարներ յատկացնելով կը սիրաշահի այս լքուած ժողովուրդը, կազմելով թրքական պետութեան ներկայութեան հիմքը Լիբանանի մէջ։
Բայց վասն ինչի՞։ Ինչպիսի՞ շահ կը հետապնդէ Թրքական պետութիւնը Լիբանանի մէջ ազդեցութիւն ունենալով։ Պատասխանը կարելի է գտնել, Իթթահատականներու ծրագրած գերագոյն նպատակին մէջ։ Արդէն մէկ դարէ ի վեր թուրքը չէ շեղած իր գերագոյն նպատակէն՝ «Փանթուրանիզմ»-էն։ Սակայն այդ մէկը հեռանկար նպատակ մըն է, որ իրագործելու համար անհրաժեշտ է ունենալ եւ իրականացնել աւելի մանր եւ կարճատեւ նպատակներ, որոնք լայնածաւալ ազդեցութիւն կը տրամադրեն յարակից տարածաշրջանին մէջ, վերացնելով որեւէ խոչընդոտ իր ճանապարհէն։
Այդ իսկ պատճառով Թուրքիան մնայուն ռազմական ներկայութիւններ ունի Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ։ Ինչպէս նաեւ կը փորձէ մտնել Լիբանանի ներքին քաղաքական դաշտ, սիւննի համայնքի եւ մասնաւորաբար՝ թրքական ձեղերու պատկանող ժողովուրդի միջոցաւ, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ անոր հիմնաւորելու իր դիրքը Լիբանանի մէջ եւ սպաննելու հայկական սփիւռքի սիրտը՝ Լիբանանահայութիւնը։
Այս փորձերը իրենց գագաթնակէտին հասած են Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի օրով, սակայն պէտք է հասկնալ, որ ծրագիրը ունի դարաւոր պատմութիւն, եւ անկախ թէ ով նստի իշխանութեան ղեկին, այս քայլերու ձեռնարկումը պիտի շարունակուի։
Այժմ Լիբանանահայութեան կը մնայ աւելի մեծ մաշտաբով վարել հակաթուրք պայքարը եւ բոլոր կարելի միջոցներով ճնշել թրքական ցեղերուն վրայ, խոչընդոտելով անոնց թրքապահպանման, զարգացման եւ հզօրացման ուղին։
Իսկ ինչո՞ւ միայն Լիբանանահայ համայնքի պարտականութիւնն է այդ։ Պատասխանը հետեւեալն է. Լիբանանահայ համայնքը մնացած է առանձին։ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան ղեկին նստող՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, հետեւելով իր «ուսուցիչ»-ի քայլերուն՝ նախկին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին կը փորձէ ամեն ջանք ի գործ դնել, սփիւռքը մեկուսացնելու Հայաստանէն։ Իսկ պատճառը՝ սփիւռքահայութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող կուսակցութիւնն է, ով մեծ խոչընդոտ մը կրնայ դառնալ իր դաւադիր կեցուածքին եւ իշխանութեան։
Յարութ Մարկոսեան
Հղումներ՝
Ազդակ Օրաթերթ (2022). Երեսփոխան Բագրատունի Կը Դատապարտէ Աքքարի Քաուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը. «Ինչպէ՞ս Ոմանք Կ՚անտեսեն Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը»
Ազդակ Օրաթերթ (2022). ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Բուռն Կերպով Դատապարտեց Քուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը
Ազդակ Օրաթերթ (2022). Հանդիպում Նախարար Մաուլաուիի Հետ. Բողոք` Ներքին Գործոց Նախարարին. Բագրատունի. «Կը Յարգենք Բոլորը, Սակայն Չենք Հանդուրժեր Վարկաբեկում Եւ Նենգափոխում»
Մարկոսեան, Յ. (2020). Հայկական Դարպասը, Ազդակ Օրաթերթ
Ahval News (2020). Foreign minister vows Turkish citizenship for Lebanon’s Turkmen population
Center for Middle Eastern Strategic Studies (ORSAM) (2010). THE FORGOTTEN TURKS: TURKMENS OF LEBANON
El-Din, W. & Boyraz, T.A. (2022). Lebanon’s Turkmens: 500 years of preserving language and culture, in Anadolu Ajansi
Jabbour, J.J. (2021). IS TURKEY A SHAPER AND MOVER IN LEBANON? Myths and realities about Turkey’s role and influence, in Issam Fares Institute for Public Policy and International Affairs (IFI) at the American University of Beirut (AUB)
Tashjian, Y. (2020). The neo-Ottomans are back. How should Lebanese Armenians respond?, in The Armenian Weekly