Էսսե

Հայու Տեսակը

07 / 11 / 2023

Հայու տեսակը. ի՞նչ կը նշանակէ։ Բոլոր հայերը մէկ ազգի զաւակներ չե՞ն։ Անշուշտ որ այո՛, բայց չեն համախմբուած միասնական ազգային գաղափարախօսութեան մը շուրջ։ Իսկ ազգային գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը կրնայ ունենալ շատ մեծ հետեւանքներ ազգի մը եւ հայրենիքի մը ապագային վրայ։ Եկէք կեդրոնանանք ներկայիս կատարուող մէկ օրինակի մը վրայ։

19 Սեպտեմբեր 2023-ին, Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումի պատճառով Արցախը պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ հայաթափուեցաւ։ Այսպիսով, Ազրպէյճան յաջողեցաւ մեծ առաջընթաց մը արձանագրել ի շահ թրքական գերագոյն նպատակին՝ Փան-Թուրանիզմին։ Այս բոլորին յաջորդեցին մեծ հետեւանքներ. հայը ոչ թէ միայն անգամ մը եւս hայրենիքի մէկ մասը կորսնցուց, այլ ունեցաւ աւելի քան 100,000 ներքին գաղթականներ, որոնք ստիպուեցան իրենց տուները լքել եւ տեղափոխուիլ Հայաստանի զանազան մարզեր։

Այս ստեղծուած իրավիճակին առաջքը առնելու նպատակով, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց օժանդակութեան ծրագիր մը կազմել, որպէսզի տեղահանուած ժողովուրդին կարողանայ ապաստարաններ, ինչպէս նաեւ դրամական աջակցութիւններ տրամադրել։ Սակայն ոչ բոլորին գաղտնիք, ներկայ անկարող Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը թէ՛ անբաւարար գտնուեցան եւ թէ՛ անորոշ։ Եւ այստեղ է, որ հայու տեսակի լաւագոյն օրինակը ծագեցաւ։

Բազմաթիւ հայորդիներ լծուեցան աշխատանքի, իրենց ներդրումը ունենալու համար Արցախէն տեղահանուած հայրենակիցներու օժանդակութեան կամաւոր գործին։ Առ այդ, Հայաստանի տարբեր կազմակերպութիւններ պատասխանտուութիւնը ստանձնեցին կազմակերպելու այս աշխատանքները։ Անշուշտ, որ սփիւռքահայութիւնը նաեւ անտարբեր չգտնուեցաւ ներկայ աղէտալի իրավիճակին հանդէպ, այլ իր աջակցութիւնը յայտնեց տարբեր կազմակերպութիւններու, ի մասնաւորի Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) միջոցով։ Իսկ աւելի քաջալերելին՝ անհատական նախաձեռնութիւնները. բազմաթիւ երիտասարդներ, ըլլայ այդ հայաստանաբնակ թէ հայրենադարձ, կազմեցին ինքնուրոյն խմբակներ, որոնք շրջելով զանազան շրջաններ իրենց պարտականութիւնը կատարեցին իրենց հայրենակիցներուն հանդէպ։

Սակայն այս բոլորի կողքին կար նաեւ այլ կեցուածք մը, եւ այստեղ է որ հայու այլ տեսակի շեշտադրումը կը կատարուի։ Այդ բոլոր քաջալերելի նախաձեռնութիւններու կողքին, տեսանք նաեւ անհոգը, ով տակաւին իր կեանքը կը շարունակէ անտարբերութեամբ, որուն կը մտահոգէ միայն թէ ինչ կը կատարուի իր տան չորս պատերուն մէջ։ Բայց աւելի զարհուրելի կեցուածքը, այն դաւաճանական հայացքն է։ Մեր շուրջը գտնուող «հայեր» հաճոյք գտան այս բոլորին մէջ, ըսելով թէ Արցախը յանձնելով խաղաղութիւն պիտի տեսնենք, ըսելով թէ Հայաստանը պարտաւոր չէ պաշտպանելու Արցախի մէջ ապրող հայութեան։

Դժբախտաբար կ՚ըսեմ, որ այսօր կ՚ապրինք այս իրականութեան մէջ։ Հայ ժողովուրդը բաժանուած է երկու մասերու՝ պայքարողի եւ անհոգի։ Խրախուսելի է պայքարողին ցուցաբերած նախաձեռնութիւնները, ով կը հասկնայ ներկայ պահի լրջութիւնը։ Իսկ անտարբերները պէտք է սթափուին եւ գիտակցին թէ ինչ է թուրքին նպատակը։ Հասկանան, որ Արցախի յանձնումը ո՛չ սկիզբն է, ո՛չ ալ վերջը, այլ պարզապէս գերագոյն նպատակի մը մէկ քայլը։ Միայն այս բոլորի գիտակցումով է, որ հայ ժողովուրդը կը կարողանայ մէկ բրունձք դառնալով ոտքի կանգնիլ եւ պայքարիլ յանուն ազգի եւ հայրենիքի։

 

Յարութ Մարկոսեան