Բացատրագիր

Երուսաղէմի հայկական թաղամաս. գոյութեան պայքար

21 / 11 / 2023

Երուսաղէմի հայ համայնքը այսօր կ՚ապրի իր 16 դարեայ պատմութեան ամենէն աղէտալի պահերէն մէկը։ Պատճառը՝ Հայկական Թաղամասի մէկ մասը յանձնելու պայմանագիրի գոյութիւնը։

Հայկական Թաղամասը կը գտնուի Երուսաղէմի հին քաղաքին մէջ։ Անոր հիմը դրուած է տակաւին Դ. դարուն, երբ Հայաստանը դարձաւ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ճանաչող առաջին պետութիւնը։ Իսկ թաղամասի կառուցման հիմը դրուեցաւ ԺԳ. դարուն, երբ տեղի հայ բնակչութիւնը յաջողեցաւ տարածքներ գնել շնորհիւ զանազան նուիրատուութիւններու եւ Պատրիարքարանի օժանդակութեան։

Տարիներու ընթացքին համայնքը հիմնեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ դպրոց, պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, եւայլն։ Այսպիսով տեղի հայ բնակչութիւնը հեռացուց ձուլումի օրհասը իր շրջանէն, եւ 16 դարեր շարունակ յաջողեցաւ պահպանել իր գոյութիւնը։

Սակայն, Յուլիս 2021-ին, Հայկական Թաղամասի մէջ գտնուող պատմական Հայկական Այգին՝ ճանչցուած նաեւ Կովերու Պարտէզ անունով, 99 տարուան վարձակալութեան յանձնուեցաւ առեւտրական նպատակներով։ Վարձակալութեան պայմանագիրը ստորագրեցին Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանը, պաշտօնանկ եղած Տէր Պարէտ Երէցեանը եւ Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանը։ Այս արարքը Պատրիարքարանի սահամանադրութեան յստակ խախտում էր, որովհետեւ չէր ստացած Սուրբ Սինոտի եւ Սուրբ Յակոբ Եղբայրութեան Ընդհանուր Ժողովի համաձայնութիւնը։     Իբրեւ հետեւանք տեղի բնակչութիւնը Հայկական թաղամասերէն արտաքսեց Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի պատասխանատուին եւ սկսաւ ցոյցեր կազմակերպել պահանջելով պայմանագիրի անվաւերացումը։ Այս պահանջին միացան նաեւ բազմաթիւ Հայաստանեան եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ։

Մինչ օրս տակաւին յստակ չեն պայմանգիրի կէտերը, սակայն երկու տարի պայքարելէ ետք, տակաւին վերջերս, Պատրիարքը տեղեկացուց թէ որոշում կայացուած է օրինական հիմքերով դուրս գալու պայմանագիրէն եւ կասեցնելու շինարարական աշխատանքները։

Ներկայ պահուն իրավիճակը կը մնայ լարուած. տեղի հայ բնակչութիւնը կը խափանէ շինարարական աշխատանքները։ Սակայն կարգ մը հրեաներ, Իսրայէլի ոստիկանութեան օժանդակութեամբ կը փորձեն հեռացնել հայերը այդ շրջանէն։ Այս քայլերու ձեռնարկումը աւելի աշխուժացաւ Պատիրարքի վերջին կատարած յայտարարութենէն ետք։ Աւելին, հրեաները, Իսրայէլեան-Պաղեստինեան պատերազմի պատճառաբանութեամբ սկսան հիմնաւորել Հայաթափման պահանջը, ըսելով թէ, Հայկական Թաղամասը կը շահագործուի իբրեւ «Համաս» Պաղէստինեան կուսակցութեան-զինեալ խմբաւորման թաքստոց։ Վերջինս դատապարտումի արժանացաւ նաեւ Յորդանանի փոխ-վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի կողմէ։

Այս վերջին տաիներու ընթացքին, հայը անդադար կը հանդիպի նման դաւաճանութիւններու եւ պարտութիւններու։ Հայաստանի դաւադիր իշխանութիւնը, 2020-ին Արցախի մեծ մասը յանձնեց թշնամիին՝ թուրքին։ Իբրեւ հետեւանք, թշնամին երեք տարի անց կարողացաւ ամբողջութեամբ հայաթափել Արցախը, մինչ Հայաստանի դաւադիր իշխանութիւնը որեւէ պայքարելու դրսեւորում չցուցաբերեց։ Նոյնն է Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի իրավիճակը։ Շրջանի «իշխանութիւն» համարուող Պատրիարքարանի որոշ ղեկաւար դէմքեր դաւաճանեցին համայնքին, սակայն անոնք իրենց դէմ գտան միասնական պայքար, բաղկացած՝ տեղի հայ բնակչութենէն, Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններէ, ինչպէս նաեւ հանդիպեցան օտար պետութիւններու դատապարտման։

Այժմ կը մնայ շարունակել պայքարի երթը՝ պահպանելու Հայկական Թաղամասի տարածքը, որովհետեւ մէկ մասի յանձնումը կը նշանակէ վտանգել ամբողջ շրջանի եւ բնակչութեան գոյութիւնը։

 

Յարութ Մարկոսեան

 

Related Posts